ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը հաւասարակշռուած էր` իրենց ոճով, ամենակարեւորը այն է, որ իրենք հիմնական շեշտը կը դնեն խաղաղ կարգաւորման վրայ:
Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութեան` այս մասին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան:
«Սա իրատեսական մօտեցում է, թէպէտ այն Ատրպէյճանի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չի գործում: Այն, որ իրենք այսօր նորից խախտել են զինադադարի ռեժիմը եւ դիւերսիոն խումբը փորձել է ներթափանցել Արցախի տարածք, սա Ատրպէյճանի պատասխանն է նոյնիսկ այդպիսի յայտարարութիւնը, այն էլ` Թուրքիայի հետ մէկտեղ»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան` աւելցնելով, որ Ատրպէյճան կը գտնուի Թուրքիոյ վարչապետը:
Անոր խօսքով` այսպիսի թշնամական քաղաքականութիւնը թուրք-ատրպէյճանական տանդէմի գործելաոճն է:
«Նրանք այդ յայտարարութիւնից յետոյ դիմել են նման գործողութեան»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Արձագանգելով դիտարկման, թէ գնահատականներ կը հնչեն, որ արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնը ապտակ էր Ատրպէյճանին, Դաւիթ Բաբայեան ըսած է. «Երբ որ կոչ է արւում իրավիճակը չսրել, բնական է, որ սա Ատրպէյճանին է ուղղուած, բայց պատասխանն այն է, որ Ատրպէյճանը ոչ միայն որեւէ քաղաքական արձագանգ չտուեց, այլ հակառակը` արձագանգեց խախտելով զինադադարի ռեժիմը եւս մէկ անգամ»: