2019 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի նկատմամբ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն մէջ համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 1 տոկոսով։ Միութեան երկիրներու շարքին ամենաբարձր տնտեսական աճը, ինչպէս անցեալ տարի, այնպէս ալ՝ ընթացիկ տարուան գրանցած է Հայաստանը՝ 6,8 տոկոս, այնուհետեւ Ղրղզստանը՝ 6,4 տոկոս։ Նշուած ժամանակահատուածին միութեան մէջ ներդրումները աճած են 2,1 տոկոսով, որու գիծով ամէնէն բարձր աճը նկատուած է Ղազախստանի մէջ՝ 11,7 տոկոս:
«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը հրապարակած է ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներու հիմնական ընկերային-տնտեսական ցուցանիշները։ Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ, բացառութեամբ արտաքին եւ փոխադարձ առեւտուրի, մնացած ցուցանիշներու գծով ԵԱՏՄ-ի մէջ աճ գրանցուած է։