Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Երեքշաբթի՝ 26 Յունուար 2016-ին, կողմ քուէարկեց Սարսանգի ջրամբարի վերաբերեալ զեկոյցի բանաձեւի ընդունման:
Պոսնիա եւ Հերցեգովինան ներկայացնող պատգամաւոր Միլիցա Մարքովիչի հեղինակած «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէն» խորագիրով զեկոյցի բանաձեւին կողմ քուէարկած է 98, դէմ` 71 պատգամաւոր, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Զեկոյցը պատրաստելու ընթացքին Միլիցա Մարքովիչ երկու անգամ այցելած էր Ատրպէյճան, սակայն չէր այցելած Լեռնային Ղարաբաղ` հակառակ ԼՂՀ իշխանութիւններուն գրաւոր առաջարկութեան: Արդիւնքով ներկայացուած էր զեկոյց մը Սարսանգի ջրամբարին մասին, որ զեկուցողը նոյնիսկ չէր տեսած:
Զեկոյցը ԵԽԽՎ լիագումար նստաշրջանին ներկայացնելու ատեն Միլիցայ Մարկովիչ նշած է, թէ իր հեղինակած զեկոյցը կը հետապնդէ «բացառապէս մարդասիրական նպատակներ»:
Նիստի ընթացքին ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ զեկոյցը չի կրնար առարկայական համարուիլ եւ ընդունուիլ, քանի որ հեղինակը չէ այցելած Սարսանգի ջրամբար: Արմէն Ռուստամեան առաջարկած է զեկոյցը լրամշակման համար ետ ուղարկել ԵԽԽՎ ընկերային հարցերու յանձնաժողով, սակայն ԵԽԽՎ անդամները դէմ քուէարկած են այդ առաջարկին:
Միւս կողմէն՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ԼՂՀ իշխանութիւններուն խորհուրդ կու տայ ԵԽԽՎ-ի մէջ Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ զեկոյցին մէջ առկայ սուտ նիւթերուն ուշադրութիւն չդարձնել եւ շարունակել այն քաղաքականութիւնը, որ իրականացուած է այս տարիներուն ընթացքին:
Սէյրան Օհանեան նշած է, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները ջրային տնտեսութեան եւ ջրային քաղաքականութեան առումով որդեգրած են ճիշդ ուղղութիւն եւ յատկապէս Սարսանգի ջրամբարին մէջ այդ աշխատանքները պէտք է շարունակուին:
«Խորհուրդ կը տամ սուտ նիւթերին ուշադրութիւն չդարձնել եւ, յատկապէս Սարսանգի ջրամբարում, շարունակել ջրային տնտեսութեան քաղաքականութիւնը, որտեղ նաեւ սոցիալական առումով համապատասխան միջոցառումներ են կատարւում»,- ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը: