ԵՊՀ-ն դարձած է եւրոպական հրատարակչական ընտանիքին անդամ

Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հրատարակչութիւնը դարձած է Եւրոպական համալսարանական հրատարակչութիւններու ընկերակցութեան (AEUP) լիիրաւ անդամ:

Ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ ԵՊՀ հրատարակչութենէն կը նշեն, որ վերջին տարիներուն իրենց գործունէութեան աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է, եւ իրենք աշխոյժօրէն կապեր կը հաստատեն ու կը համագործակցին եւրոպական գործընկերներու հետ:

ԵՊՀ հրատարակչութեան շնորհուած լիիրաւ անդամի (Full member) կարգավիճակը կը նշանակէ, որ հրատարակչութիւնը իրաւունք ունի մասնակցելու տարեկան համաժողովներուն, ոլորտի, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան կարեւոր հարցերու քննարկման եւ այլն: Անդամակցութիւնը նաեւ գիրքի միջազգային տօնավաճառներու մէջ համատեղ ձեռնարկներ իրականացնելու հնարաւորութիւն կու տայ:

«Ասոցիացիային անդամակցութիւնը լաւ հնարաւորութիւն է` նոր գործընկերներ ձեռք բերելու եւ համատեղ նոր ծրագրեր իրականացնելու համար: Բացի այդ` այս կերպ ինտէգրւում ենք միջազգային հրատարակչական գործընթացներին, ինչից կախուած է նաեւ տեղական շուկայի զարգացումը»,- ըսած է ԵՊՀ հրատարակչութեան տնօրէն Կարէն Գրիգորեանը: