Երեւանը արժանացած է Financial Times-ի «Պատմամշակութային Ժառանգութեան Քաղաք» անուանակարգի մրցանակի

Հեղինակաւոր Financial Times պարբերականի fDi Intelligence ծառայութեան կողմէն Երեւանը արժանացած է «էֆտիայ Ապագայի զբօսաշրջային ուղութիւններ 2017/18 – «խմբագիրի ընտրութիւն»» մրցանակին (fDi Tourism Locations of the Future 2017/18 – Editor’s Choice Awards)` «պատմամշակութային ժառանգութեան քաղաք» անուանակարգի մէջ:

«Քաղաքին մէջ պատմամշակութային զբօսաշրջութեան եւ հանգիստի ենթակառուցուածքներու ներդրողներուն համար կան բազմաթիւ հնարաւորութիւններ: «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոցի թանգարանին վերականգնումը այդ հնարաւորութիւններէն մէկն է»,- նշած է պարբերականը՝ ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան:

Երեւանը բարձր գնահատուած է նաեւ Միջազգային համագործակցութեան անուանակարգին մէջ մրցանակի շնորհման քննարկումներուն ժամանակ` շնորհիւ օտարերկրացի ներդրողներու համար աշխարհի քարտէզին մէջ պատշաճ տեղ գրաւելուն ուղղուած ջանքերուն: Երեւանը կը համագործակցի աշխարհի աւելի քան 50 քաղաքներու հետ եւ կը հանդիսանայ ութ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին քոյր քաղաքներու եւ գործընկեր քաղաքներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ»,- եզրափակած է պարբերականը: