Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Ռիօ» առեւտրային- զուարճանքի կեդրոնը

Նոյեմբեր 13-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ռիօ» առեւտրային զուարճանքի կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը: «Ռիօ»-ն իր դռները այցելուներուն համար բացաւ պաշտօնական արարողութենէն ետք, որուն ներկայ էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարոն Մարգարեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան եւ այլք:

«Ռիօ» եռայարկ առեւտրային-զուարճանքի կեդրոնի ընդհանուր մակերեսը 24 հազար քմ է, կը գտնուի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ` Փափազեան 8 հասցէին մէջ: Այցելուներու յարմարաւէտութեան համար նախատեսուած է վերգետնեայ կառատուն 250 մեքենայի տեղով: Երեւանի մէջ «Ռիօ»-ն դարձաւ Հայաստանի տարածքին «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին կողմէ բացուած 4-րդ առեւտուրի կեդրոնը:

«Ռիօ» առեւտուրի կեդրոնի բացումով կը ստեղծուին մօտ 500 նոր աշխատատեղեր: