Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Հրաչեայ Աճառեանի Կիսանդրիին

«Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ներկայ գտնուած է ականաւոր հայ լեզուաբան եւ բառարանագիր, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի կիսանդրիի բացման արարողութեան:
Կիսանդրիի բացումը կատարած են Երեւանի քաղաքապետն ու Հրաչեայ Աճառեանի ծոռը՝ Անի Աճառեան:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ մայրաքաղաքի Աւան վարչական շրջանի համանուն թաղամասի Աճառեան փողոցին վրայ մեծ հայորդիին կիսանդրիի տեղադրումը քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախաձեռնութիւնն է:
Յատուկ կերպով կարեւոր նկատելով Աւան վարչական շրջանի թաղամասերն ու պուրակները հայ մեծերուն անուններով անուանակոչումը, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին մէջ անոնց քանդակներու տեղադրումը՝ նախաձեռնութեան մասնակիցները նկատել տուած են, որ ուսուցողական ու ճանաչողական բնոյթ կրող նմանատիպ նախաձեռնութիւնները մեծ արժէք ու դերակատարութիւն ունին յատկապէս մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Կիսանդրիին տեղադրման աջակցելուն համար իր երախտագիտութիւնը փոխանցելով քաղաքապետին՝ մեծանուն գիտնականին ծոռը նշած է, որ յարգանքի նման դրսեւորում երախտագիտութեան իւրօրինակ խօսք է՝ ուղղուած ազգի նուիրեալներուն: