Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի վերջին օրերու հանդիպումները Մոսկուայի մէջ կրնան հիմք ծառայել Հայաստանի և Ռուսիոյ միջև ռազմական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման համար։ Այս մասին Սփութնիք լրատուական կայքին յայտնեց ռազմական վերլուծաբան Դաւիթ Յարութիւնովը։
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ վարած է «Ռոսոպորոնէքսբորթի» և «Քալաշնիքով» ռուսական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւներու ղեկավարութեանց հետ։ Յարութիւնովի կարծիքով` առայժմ դժուար է ըսել, թէ ինչ սպառազինութեան և ռազմական սարքերու նկատմամբ Երևանը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հանդիպումներու ընթացքին։ Սակայն նախնական եզրակացութիւններ կարելի է կատարել հայկական բանակի կարիքները նկատի ունենալով։ Այս ծիրէն ներս, կարելի է նկատի ունենալ S-400 հակօդային հրթիռային համակարգերը, կը նշէ Յարութիւնովը։
«Հաշուի առնելով այն, որ Հակօդային Պաշտպանութեան զարգացումը Հայաստանի բանակի ղեկավարութեան ռազմավարական ուղղութիւններէն է, հաւանական է, որ S-400 համակարգերը հետաքրքրեն Երևանին։ Սակայն միաժամանակ, անոնք բաւական սուղ ռազմական համակարգեր են, բացի այդ հայկական բանակի սպառազինութիւնը համալրուած է S –300 հակօդային հրթիռային կայաններով, որոնք ներկայ հանգրուանին կրնան յաջողութեամբ կատարել իրենց առաքելութիւնը», – կը նշէ վերլուծաբանը։