Երեւան չի մեկնաբաներ Յունաստանէն Հայաստանին «C-300» համակարգեր փոխանցելու որոշումը

«Յունաստան կը պատրաստուի Հայաստանին փոխանցելու ՀՕՊ «C-300» համակարգեր՝ փոխարինելով զանոնք իսրայէլեան արտադրութեան սպառազինութեամբ»,- կը հաղորդէ յունական Еnikos.gr կայքը։

Ըստ Յունական լրատուամիջոցին, Աթէնք կը պատրաստուի Երեւանին փոխանցելու իր զինանոցին մէջ գտնուող ռուսական արտադրութեան եւս երկու ՀՕՊ համակարգ։

«Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստանին ռուսական արտադրութեան սպառազինութեան տրամադրման հարցով»,- կը գրէ յունական թերթը՝ շեշտելով, որ նախապէս Աթէնք մտադիր էր ՀՕՊ համակարգերը տրամադրել Ուքրանիոյ, սակայն «հետագային սկսաւ քննարկուիլ ոչ-պակաս շահաւէտ այլընտրանքը»։

Еnikos.gr կայքին տուեալներով՝ Յունաստանի Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող ռուսական սպառազինութիւնը Հայասատանին տրամադրելու նախաձեռնութեան հեղինակը Ֆրանսան է։

Մինչ լուրին հաղորդումը՝ պաշտօնական Երեւանը կը հրաժարի մեկնաբանելէ յունական մամուլին հրապարակումները։