Հայաստանը հաւատարիմ է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացին՝ հիմնուած Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիմքով տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ՀՀ ԱԳՆ-եան մէջ անցնող Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի ժամանակ ունեցած ելոյթին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան։
«Հայաստանը հաւատարիմ է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացին՝ հիմնուած Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիմքով տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։ Կայ իրական հնարաւորութիւնն, պատմական պահ վերջնականացնելու խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը, որի ստորագրումը կարող է նոր դուռ բացել տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան համար»,- յայտարարեց ՀՀ ԱԳ նախարարը։
Միրզոյեան աւելցուց, որ Հայաստան նաեւ մեծապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանային բոլոր հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու հարցին նկատմամբ՝ հիմնուած երկրներու ինքնիշխանութեան, իրաւասութեան լիակատար յարգման, իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու վրայ։ Այդ լաւագոյնս արտայայտուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ, որ յառաջ տարուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։