«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի երէկուան յայտարարութիւնը ոչ միայն ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլեւ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառուցողական ներգրաւուածութիւնը», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
«Հայաստանի վերաբերեալ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան զանազան պաշտօնեաներու` իրականութեան չհամապատասխանող, ակնյայտօրէն կողմնակալ, յաճախ անյարգալից մեկնաբանութիւնները, ցաւօք, վաղուց արդէն նորոյթ չեն, եւ եթէ նկատած էք, տեւական ժամանակ է, որ մենք նոյնիսկ չենք անդրադառնար անոնց», ի պատասխան լրատուամիջոցներէն ուղղուած հարցումներուն` յայտարարած է Բադալեան:
«Երբեմնի միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած, 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը ստորագրած, ատոր հիման վրայ շրջանին մէջ խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայած պետութեան արտաքին գործոց նախարարը չի կրնար չտեսնել, որ չկայ այդ յայտարարութեան գէթ մէկ առանցքային կէտ, որ անդառնալիօրէն խախտուած չըլլայ` հակառակ անոր ներքեւ Ռուսիոյ դաշնութեան ստորագրութեան եւ անով նախատեսուած գործընթացներուն մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան մասնակցութեան ու պատասխանատուութեան: Կը կարծենք նաեւ, որ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը քաջատեղեակ է, որ հրապարակային փաստաթուղթերէն դուրս` Հայաստանը որեւէ այլ պայմանաւորուածութեան մաս չի կազմեր, հետեւաբար չի կրնար սապոթաժի ենթարկել զանոնք», ընդգծած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Բադալեան ընդգծած է, որ Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը արդէն իսկ լայն ճանաչում ունի միջազգային հանրութեան մօտ, անիկա քանի մը անգամ ներկայացուած է նաեւ Ռուսիոյ դաշնութեան ներկայացուցիչներուն. «Կը վերահաստատենք, որ ատոր շրջանակներուն մէջ շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը կարելի է բառացիօրէն ամէն պահու»:
Նշելով, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը դրական արձագանգի արժանացած է շարք մը միջազգային գործընկերներու կողմէ` Երեւանը Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղէ «կողմնակալ յայտարարութիւններով սապոթաժի չենթարկել զայն, ոչ ալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազմիցս վերահաստատած է եւ հիմա ալ կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ իր բաժին աշխատանքը կը կատարէ այդ օրակարգը բարեյաջող իրականացնելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ: