«Երեւանեան ամառ 2018»-ի ծիրէն ներս՝ Օգոստոս 4-ին, Հիւսիսային պողոտայի վրայ պիտի կայանայ «Երեւան Տարազֆէստ» 4-րդ փառատօնը:
Ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ ձեռնարկին ծիրէն ներս, ժամը 18:00-20:00 տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս-տօնավաճառ` մասնակցութեամբ ժողովրդական վարպետներու, հայկական արտադրանքը ներկայացնող ընկերութիւններու, թանգարաններու, իսկ 20:00-23:00` տարազային եւ մանրանկարչութեան բաղադրիչ ընդգրկող նմուշներու հաւաքածուներու անհատական ցուցադրութիւն, «Տէրեան մշակութային կեդրոնի եւ անհատ ձեւաւորողներու մասնակցութեամբ»: