Երուանդ Քոչարի Վենետիկեան յայտնութիւնը` Երեւանեան թանգարանին մէջ

Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ Փետրուար 16-ին, ժամը 18:00-ին ցուցադրութիւն-շնորհանդէս` «Երուանդ  Քոչար. վենետիկեան քանդակի յայտնութիւնը»: Մշակոյթի նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ պիտի ներկայացուի Ժորժ Զաքարեանի դիմաքանդակը: Ան Երուանդ Քոչարի վենետիկեան շրջանի /1922-1923թթ./ եզակի ստեղծագործութիւններէն է:

2015-ին Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատանը կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Ժորժ Զաքարեանի որդին` Փաոլօ Զաքարեանը, Ե․ Քոչարի թանգարանին նուիրաբերեց հօր` իր համար սրբազան մասունք դարձած դիմաքանդակը: Այս իրադարձութիւնը պատահական չէր: 1990-ականներէն ի վեր թանգարանը հետեւողական աշխատանք  կ՛իրականացնէր քանդակի ձեռքբերման համար:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, «Ապաւէն» ընկերութեան տնօրէն Ա. Ղազարեանի, «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Ա. Մարտիրոսեանի աջակցութեամբ 2016-ին քանդակը տեղափոխուեցաւ Հայաստան:

Այս ստեղծագործութեան բնորդը Երուանդ Քոչարի ընկեր Ժորժ Զաքարեանն է, որ այդ ժամանակ կ՛ուսանէր Իտալիոյ մէջ: Յետագային Ժորժը աշխատանքի կ՛անցնի Իտալիոյ յայտնի «Հռոմ» դրամատան մէջ եւ մինչեւ 1964 թուականը կ՛աշխատի որպէս դրամատան գլխաւոր տեղամասերու փոխտնօրէն:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Ժորժ Զաքարեան նաեւ ղեկավարած է ENDSI գրասենեակը, որ ԱՄՆ-էն եւ այլ երկիրներէն հաւաքուած օգնութիւնը կը հասցնէր Իտալիոյ բնակչութեան: Զաքարեան օգնած է նաեւ շատ ու շատ հայ ուսանողներու Վենետիկի մէջ:

Փետրուար 16-ի արարողութեան առցանց կապ պիտի հաստատուի նուիրատու Փաոլօ Զաքարեանի հետ:

Ժորժ Զաքարեանի դիմաքանդակը թանգարանային եզակի ցուցանմուշ է ոչ միայն որպէս մշակութային արժէք, այլեւ որպէս Հայաստանի մէջ Քոչարի վենետիկեան շրջանը ներկայացնող միակ քանդակ: Ան իւրայատուկ է նաեւ, որ արտասահմանէն թանգարանին նուիրաբերուած առաջին ստեղծագործութիւնն է :