Եւրոմիութեան անդամ 28 պետութիւնները Լիւքսէմպուրկի մէջ արտօնութեան որոշում ընդունեցին այն մասին որպէսզի բանակցութիւններ սկսին Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու առնչութեամբ: Այս մասին յայտնեց Արտաքին Նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան:
Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթաժողովի ընթացքին, 22 Մայիս 2015ին, Եւրոմիութիւն ու Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կ’ողջունուէր Եւրոմիութեան ու Հայաստանի միջեւ նոր համաձայնագիր մը կնքելու մասին փոխադարձ համաձայնութիւնը: Այս նոր որոշման նպատակն է շարունակաբար զարգացնել ու ամրապնդել կողմերու համապարփակ համագործակցութիւնը՝ համատեղ կարեւորութեան բոլոր ոլորտներէ ներս: