Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ՝ Փեթեր Սթանոն «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտարարութիւն կատարած է շեշտելով, որ հաստատուն են այս դիրքորոշման մէջ։
«Եւրոպական Միութիւնը օգտագործած է բոլոր կարելիութիւնները Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր յարաբերութիւններուն վրայ:
Սթանոն միեւնոյն ժամանակ ըսած է, որ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ՝ Շառլ Միշէլը, Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ՝ Ժոզէֆ Պորելը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաար կը շարունակեն իրենց ներգրաւումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար։