Աւստրիոյ Զալցպուրկի համալսարանի քրիստոնէական արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հայագիտութեան բաժինը՝ բաժնի վարիչ, հայագէտ Ժասմին Տում-Թրակուդի նախաձեռնութեամբ՝ կրթաթոշակներ սահմանած է Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը ուսումնասիրող հետազօտողներու համար: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարարութիւնը։
2022-ի գարնան սկսող կրթաթոշակային նոր ծրագիրին նպատակն է խրախուսել երիտասարդ հետազօտողները՝ ուսումնասիրելու Արցախի մշակոյթի եւ արուեստի պատմութեան վերաբերող թեմաները՝ առանձնայատուկ շեշտադրելով նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան վերաբերող հարցերը։ Կրթաթոշակի առաւելագոյն գումարը 3000 եւրօ է: Դրամաշնորհի ծիրէն ներս հնարաւոր է կազմակերպել նաեւ կարճաժամկէտ կացութիւն Զալցպուրկի մէջ։
«Արցախի մշակութային հոգեւոր ժառանգութեան վրայ կեդրոնացած հայագիտական հետազօտութիւններու դրամաշնորհներ»-ու դիմումներու ընդունման ժամկէտը սկսած է Յուլիս 1-ին, իսկ վերջնաժամկէտը 2022-ի Հոկտեմբեր 1-ն է։
Հետազօտութիւններու շրջանակը կ՝ընդգրկէ հետեւեալ թեմաները.
- Հայագիտութեան ցանկացած բնագաւառ (լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, արուեստ, աստուածաբանութիւն, ազգագրութիւն, հնագիտութիւն եւ այլն)՝ կեդրոնանալով Արցախի մշակութային-հոգեւոր ժառանգութեան վրայ եւ շեշտադրելով միջառարկայական մեթոտներն ու մօտեցումները: Յատկապէս ողջունելի են հայագիտութեան հետեւեալ ուղղութիւնները՝ ընդհանուր, պատմական եւ համեմատական լեզուաբանութիւն, տարածքային լեզուաբանութիւն, բարբառագիտութիւն, ազգագրութիւն, արուեստ եւ ճարտարապետութիւն, ձեռագիր ուսումնասիրութիւններ, հնագիտութիւն, միջնադարեան պատմութիւն, վաղ ժամանակակից պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, կրօնագիտութիւն եւ ոլորտին սերտօրէն կապուած այլ առարկաներ:
- Նախագիծերը պէտք է հիմնուած ըլլան հիմնարար հետազօտութեան, արխիւային կամ դաշտային աշխատանքի, ինչպէս նաեւ արդի գիտական մօտեցումներու եւ տեսութիւններու վրայ:
- Նախագիծերը պէտք է ունենան յստակ արդիւնք՝ գիտական հրապարակման տեսքով:
- Դիմումի լեզուն պէտք է ըլլայ անգլերէն: Ծրագրի արդիւնք(ներ)ը նոյնպէս պէտք է գրուած ըլլան անգլերէն կամ ցանկացած արեւմտեան լեզուով: Նախագիծը ինքնին կրնայ ըլլալ հայերէն կամ այլ լեզուով (օրինակ՝ ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ այլն)։
Կրթաթոշակային ծրագիրին կրնան դիմել վերոյիշեալ առարկաներուն մինչեւ 35 տարեկան եւ արդէն իսկ գիտական ուսումնասիրութեան փորձ ունեցող շրջանաւարտները, մագիստրոսներն ու ասպիրանտները:
Անհրաժեշտ փաստաթուղթերու հետ պէտք է ներկայացնել նաեւ ծախսերու բաշխման, ժամանակացոյցի, աշխատանքային ծրագիրի, ինչպէս նաեւ հետազօտութեան հայեցակարգի վերաբերեալ տեղեկութիւններ:
Պայմաններու եւ պահանջներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գլխաւոր էջ: