Զախարովա․ «Մոսկուա եւ Պաքու միատեղ կը քննարկեն Ղարաբաղի հայերու վերադարձը»

«Մոսկուան եւ Պաքուն կը քննարկեն հայ բնակչութեան՝ Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները», ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան։

Անոր խօսքով` հայերու հնարաւոր վերադարձը պէտք է իրականացուի՝ «անոնց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պատշաճ ապահովմամբ»։

Այլ թեմաներու շարքին Պաքուն եւ Մոսկուան, ըստ Զախարովայի, կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համատեղ պարեկային ծառայութեան կազմակերպումն ու պատմական եւ կրօնական յուշարձաններու պահպանութիւնը։