Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան Չորեքշաբթի՝ 21Օգոստոս-ին, կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ հաստատած է, որ ՌԴ նախագահի՝ Պաքու կատարած այցի ժամանակ քննարկուած է Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման թեման։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Զախարովան նշած է, որ ՌԴ բոլոր ջանքերը այդ ուղղութեամբ կը համապատասխանեն յատուկ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին՝ ինչպէս Պաքուի, այնպէս ալ Երեւանի հետ, որու հիմքին ներկայ են պատմական, մշակութային ընդհանուր արժէքներ։
«Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կարեւորագոյն պայման է տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար։ Մեր երկիրը բոլոր մակարդակներով յայտարարած է, որ շահագրգռուած է, որ այդ ըլլայ հնարաւորինս շուտ։ Այն հաստատուած է անձամբ ՌԴ նախագահի կողմէ, որ յայտնած է նաեւ իր մտադրութեան մասին` Պաքու կատարած այցէն ետք, ուր կապ հաստատած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` շարունակելու հիմնախնդիրը կարգաւորելու հարցի շուրջ երկխօսութիւնը։ Մենք պատրաստ ենք օժանդակել կողմերուն՝ եռակողմ պայմանաւորուածութեան շրջանակներուն»,- նշած է Զախարովան։
Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն Հայաստանի մասնակցութեան մասին՝ ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը նշած է, որ ՀԱՊԿ-ի դռները միշտ բաց են, եւ իր կարծիքով, այդ կառոյցէն բացի անվտանգութեան այլ երաշխիք չկայ Հայաստանի համար։
Զախարովան խօսած է նաեւ վերջին շրջանին հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածության հնարաւոր աճի վերաբերեալ տեղեկատուութեան մասին, եւ նշած է, որ պարբերաբար երկու կողմերուն կոչ կ’ընեն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ բոլոր վիճայարոյց հարցերը լուծել բացառապէս խաղաղ եւ դիւանագիտական ճանապարհով։