Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Ներքին Սուս համայնքին մէջ տեղադրուած են Զօրավար Անդրանիկի կիսանդրին եւ երկու խաչքար: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:
«Քաշաթաղի շրջանի Ներքին Սուս համայնքին մէջ յիշարժան օր էր։ Միաժամանակ կը նշուէր քանի մը իրադարձութիւն։ Նախ, նոր պուրակի հիմնման արարողութիւնն էր, ուր հանդիսաւոր կերպով տեղադրուեցան զօրավար Անդրանիկի կիսանդրին եւ երկու խաչքար։ Գիւղի դպրոցը համալրուած է նոր համակարգչային սենեակով եւ խաղահրապարակով»,- գրած է Աբրահամեան: