Մասնագէտները նոր հիւլէական կայանին, որ «Ռոսաթոմ»-ը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կառուցել, պիտի վերապատրաստուին Ռուսիոյ մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Հայկական հիւլէական ելեկտրակայանի ընդհանուր տնօրէն Էդուարդ Մարտիրոսեան:
«Ռուսիոյ մէջ, ինքնին Ռուսիոյ մէջ», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի վերապատրաստուի հիւլէակայանի ապագայ անձնակազմը:
Գործող Հայկական ԱԷԿ-ի ներուժը երկարաձգուած է մինչեւ 2026 թուական, որմէ ետք, ըստ Մարտիրոսեանի, կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ 10 տարիով երկրորդ երկարաձգում: Ան նշած է, որ նոր կայանի շինարարութիւնը պիտի տեւէ շուրջ 10-12 տարի:
«Եւ այդ ժամանակ հարց պիտի ծագի նոր հիւլէական կայանի աշխատակազմի դարբնոցին առնչուած, անոնք ռուսական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ են… Որովհետեւ մեր (գործող) կայանին մէջ մասնագէտները վերապատրաստուած են եւ կը վերապատրաստուին եւ իրենց որակաւորումը կը բարձրացնեն ռուսական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մէջ», ըսած է Մարտիրոսեան:
Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանը կը սերտէ «Ռոսաթոմ»-ի կողմէ հանրապետութեան մէջ ռուսական նախագիծով ցած հզօրութեան հիւլէական կայանի կառուցման կարելիութիւնը:
«Քննուած է փոքր կայաններու հարցը… «ՃէօՓրօՄայնինկ-Արմենիա» համալիրի համար Զանգեզուրի մէջ նման կայան կառուցելու կարելիութիւն կայ», ըսած է Մարտիրոսեան:
Յիշեցնենք, որ ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը եւ Հայաստանը յուշագիր ստորագրած են նոր հիւլէական ուժանիւթի պլոքներու շինարարութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին: Յուշագիրը ստորագրուած է վերջերս` «Էքսփօ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ:
Յուշագիրին մէջ կ’ընդգծուի, որ «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան եւ Հայաստանի հիւլէական ուժանիւթի ղեկավարութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են` համագործակցելու ռուսական տիպի նոր հիւլէական ուժանիւթի պլոքներու կառուցման կարելիութեան մշակման գործին մէջ: Աշխատանքները կը նախատեսուի իրականացնել Հայաստանի հիւլէական կայանի տարածքին մէջ: