Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակումը մօտ է աւարտին, սակայն «մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ ատիկա յարատեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»: Այս մասին հարաւային քորէական «Քորէա Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովը` կրկնելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին Պաքուի նախապայմանը:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ճամբուն վրայ մնացած խոչընդոտը Ատրպէյճանի տարածքին նկատմամբ Հայաստանի սահմանադրական պահանջն է: Երբ այս հարցը լուծուի, մենք կրնանք յառաջ շարժիլ», նշած է ան:
Ամիրպեքով նաեւ բացառած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդներու մասնակցութեամբ բանակցութիւններու կազմակերպումը. «Մենք չենք ակնկալեր, որ որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն կամ երրորդ կողմ ուղղակի դերակատարութիւն կրնայ ունենալ, խաղաղութեան ճամբուն վրայ երկու պետութիւններուն աջակցելէ բացի»: