Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր սպասաւորներու ժողով

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Դեկտեմբեր 4-ին տեղի ունեցած է ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր սպասաւորներու տարեվերջեան ամփոփիչ ժողովը` գլխաւորութեամբ ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցումով`  բանակային բաժանմունքներու հոգեւոր պատասխանատուները հանդէս եկած են հաշուետու զեկոյցներով` ներկայացնելով տարբեր զօրամասերու մէջ ծառայող եկեղեցականներու գործունէութիւնը:

Ժողովի ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուած է զինուորներու հետ տարուող հոգեւոր-դաստիարակչական աշխատանքներուն, քննարկուած են նաեւ յառաջիկայ ծրագրերուն եւ ազգային-եկեղեցական տօներուն առնչուող կազմակերպական հարցեր:

Վերջաւորութեան Վրթանէս Սրբազանը իր օրհնութիւնը բերած է բանակի եկեղեցականներուն` յորդորելով առաւել մեծ նախանձախնդրութեամբ շարունակել իրենց նուիրեալ եւ պատասխանատու ծառայութիւնը:

ՀՀ ԶՈւ-ի մէջ այսօր հոգեւոր սպասաւորութիւն կ՝իրականացնէ 51 եկեղեցական: