«Ազատութիւն»-ը կը տեղեկացնէ, թէ փոխվարչապետ, սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն շուրջ մէկուկէս ամիս ետք տակաւին չեն բացատրած, թէ ինչո՛ւ Երեւան եւ Պաքու մինչեւ 1 Յուլիս չհամաձայնեցուցին սահմանազատման սկզբունքները ամրագրող փաստաթուղթը, որուն որդեգրումով պէտք է ապահովուէր սահմանազատման շարունակականութիւնը:
Չորս գիւղերը Ատրպէյճանին վերադարձնելէ ետք իշխանութիւնը այդպիսի ակնկալութիւն մը ունէր։
«Այդ գործընթացը պէտք է իրականանայ, որովհետեւ երկու պետութիւն արդէն ստորագրած են, որ պէտք է յառաջ ընթանալ եւ մենք չենք կրնար անլրջացնել մեր ստորագրութիւնը», Մայիսին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Ազատութիւն»-ը գրաւոր հարցում յղեց սահմանազատման յանձնաժողովը գլխաւորող փոխվարչապետին գրասենեակին՝ փորձելով հասկնալ, թէ ի՛նչ փուլի մէջ է կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը, արդեօք Ատրպէյճա՞ն խոչընդոտներ կը ստեղծէ, կողմերը սահմանա՞ծ են նոր ժամկէտ աշխատանքները աւարտելու համար, եւ վերջապէս՝ սահմանի միւս հատուածները համաձայնեցնելու շուրջ բանակցութիւններ կ’ընթանա՞ն։
Փոխվարչապետին գրասենեակէն առաջարկած էին այս հարցումներուն պատասխանել մէկ ամսուան ընթացքին, բայց 30 օրեր ետք, առանց որեւէ յստակութեան միայն յիշեցուցին նախկին պայմանաւորուածութիւնները, որ՝ «կանոնակարգի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին կառուցողական հունով, եւ առաջիկային կը նախատեսուի աւարտել զանոնք ապա անցնիլ սահմանի մնացած հատուածներու սահմանազատման, ներառեալ՝ միջերկիր-արտագաւառին»։
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները թէ՛ սահմանազատման, թէ՛ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ գաղտնիութեան առումով աննախադէպ են։ Այս կարծիքը արտայայտեց ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան։ Ան մտահոգիչ նկատեց, որ բանակցութիւններէն կարեւոր դրուագներ հայաստանցիներուն յայտնի կը դառնան կա՛մ ատրպէյճանցի, կա՛մ որեւէ միջնորդ երկրի պաշտօնատարներէ:
Ան բացատրեց այդ վիճակին վտանգաւոր ըլլալու տուեալները, երբ Ատրպէյճան կը պահանջէ վերադարձնել չորս գիւղերը, իշխանութեան ներկայացուցիչները կը վստահեցնեն, թէ իրենք ալ հայկական 31 բնակավայրերու հողատարածքներու հարցը յառաջ պիտի մղեն, եւ ամէն ինչ պիտի ըլլայ փոխադարձ: Բայց, ըստ Աբրահամեանի, բանակցութիւնները իրականութեան մէջ այդ մասին չէին:
«Ժամանակը ցոյց տուաւ ես սա ցաւով կ’ըսեմ որ իրականութեան մէջ Ատրպէյճան դրած էր յստակ պահանջներ, եւ Հայաստանի իշխանութիւնը զանոնք գեղեցիկ ձեւակերպումներով սահմանազատման գործընթացի տակ, որուն բառը նոյնիսկ շատ-շատերուն որեւէ բան չէր ըսեր եւ փաստօրէն անոր անուան տակ իշխանութիւնը ուղղուեցաւ միակողմանի զիջումներու», բացատրեց Աբրահամեան՝ շարունակելով. «Վաղ կամ ուշ պիտի գայ փուլ մը, երբ Նիկոլ Փաշինեան այլեւս իշխանութեան գլուխ պիտի չըլլայ, ուստի պիտի ձեւաւորուի նոր ինչ-որ դաշտ, որուն պայմաններուն տակ պիտ քննուին եւ իրաւական դաշտի վրայ գնահատական ստանան Հայաստանի հետ պատահածները»։
Տաւուշի մէջ հատուածական սահմանազատումէն միայն երկու ամիս առաջ, երբ Պաքու չորս գիւղերը վերադարձնելու
պայման կը դնէր, Փաշինեան հրապարակայնօրէն հայաստանցիներուն կը հաւաստիացնէր, թէ Երեւան այդ հարցին մէջ կառուցողական է, իսկ գործընթացը պէտք է ըլլայ երկկողմանի:
Տաւուշի մէջ հատուածական սահմանազատումէն ետք ոչ միայն միացեալ գործունէութեան կանոնակարգը չէ հաստատուած, այլ նաեւ սահմանազատման յանձնաժողովներուն նախագահները չեն հանդիպած: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները վերջին անգամ բանակցած են 15 Մայիսին։