«Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը պիտի մեծցնէ բեռնափոխադրումներու ծաւալը Միջին միջանցքի ուղղութեամբ՝ տարեկան 1 միլիոն թոնէն հասցնելով 25 միլիոն թոնի, «TRT Haber»-ի հետ զրոյցին ըսած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։
«Զանգեզուրի միջանցքը» պիտի դառնայ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի այլընտրանքը, յայտարարած է Ուրալօղլուն՝ շեշտելով, որ այն նաեւ պիտի դառնայ թրքական աշխարհը միաւորող գործօն, պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ արդիւնաբերութեան, արհեստագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացման։
Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ապրիլին պիտի աւարտին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի ընթացիկ վերանորոգման աշխատանքները։
Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, այժմ Թւրքալեզու պետութիւններու Աւագներու Խորհուրդի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնող Պինալի Եըլտըրըմը Պաքուի մէջ, ատրպէյճանցի լրագրողներու հետ զրոյցին, եւս անդրադարձած էր «Զանգեզուրի միջանցքին»՝ յայտարարելով, որ այն պէտք է բացուի։
«Հարկաւոր է բանալ սահմանները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, բանալ «Զանգեզուրի միջանցքը»։ Հարկաւոր է նաեւ փոփոխութիւններու ենթարկել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը։ Հայաստանի զինանշանին վրայ պատկերուած են մեր հողերը եւ Արարատ լեռը։ Այդ պէտք է վերացուի», յայտարարած էր Եըլտըրըմ՝ Արարատի պարագային օգտագործելով անոր թրքական տեղանունը։
Պաշտօնական Երեւանը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումը կը գնահատէ տարածքային նկրտում Հայաստանի նկատմամբ։
Անցած տարեվերջին Պաքուն յայտարարեց, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը»՝ նշելով, որ այդ ծրագիրը կրնայ իրականացնել Իրանի հետ։ Սակայն, այս տարեսկիզբէն Ատրպէյճանը հարցը կրկին օրակարգ բերած է՝ պնդելով, թէ Հայաստանը պէտք է Նախիջեւանի հետ ճանապարհ տրամադրէ՝ առանց մաքսային ու սահմանային վերահսկողութեան։