Թաթոյեան. «Ատրպէյճանի իշխանութիւնը գոյութիւն չունեցող պատմական փաստեր կը հնարէ իր արարքները օրինականացնելու համար»

Ատրպէյճանի նախագահին առընթեր Հասարակական հետազօտութիւններու կեդրոնը 2024թ. Ապրիլ 18-ին հրապարակած է հարցումներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին: Թեմային անդրադարձած է «Թաթոյեան» հիմնադրամը:

«Հարցումներուն մէջ մեր բնակավայրերը ատրպէյճանական կեղծ անուանումներով են՝

96․2%-ը «Զանգեզուրը, Իրաւանը եւ Գյոյչան» (Սիւնիք, Երեւան եւ Սեւան) կը համարէ ատրպէյճանական պատմական հողեր։

58,1%-ը կը կարծէ յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին պէտք է տեղի ունենայ վերադարձ «Արեւմտեան Ատրպէյճան», իսկ 19,9%-ը՝ 5-10 տարիներու ընթացքին։

76,9%-ը կը գտնէ, որ վերադարձը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» սերտօրէն կապուած է Զանգեզուրի միջանցքի բացման հետ։

61%-ը նշած է, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» վերադարձի յաջողութեան գրաւական է պատմական յիշողութեան վերականգնումը, իսկ 32,4%-ը՝ կրօնական եւ մշակութային արժէքներու քարոզը եւ 18,4 %-ը՝ լրատուական քարոզչութիւնը։

57,9% ամենաշատը կ’ուզէ երթալ «Գյոյչայի շրջան» (այսինքն՝ Սեւան), 37,5%-ը՝ «Գյույչայի» լիճ, 43,9%-ը՝ «Զանգեզուրի շրջան», 40,6%-ը կրօնական յուշարձանները տեսնելու․ 29,6%-ը՝ «Իրաւան» (այսինքն՝ Երեւան), 28,3%-ը՝ Կապոյտ մզկիթ»:

57,5%-ը նշած է, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» (այսինքն՝ Հայաստանի տարածքը) պատմամշակութային ժառանգութիւնը հարուստ է մզկիթներով, 24,2%-ի համար՝ աղուանական տաճարներով, 30,0%՝ իսլամական սրբատեղիներով եւ այդպէս շարունակ։

Այս հարցումները կ’արտայայտեն ատրպէյճանական պետական քաղաքականութեան ուղղութիւնները եւ ասիկա, իրականութեան մէջ, ատրպէյճանական իշխանութեան դիրքորոշումն է։ Անոնք, ինչպէս միշտ, հասարակական կարծիքի անուան տակ կ’օրինականացնեն Հայաստանի նկատմամբ յարձակողական ու գրաւելու քաղաքականութիւնը։ Այս ամէնը ատրպէյճանական իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութեան մաս է։

Բայց այստեղ կարեւոր է այն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը գոյութիւն չունեցող պատմական փաստեր կը հնարէ իր արարքները օրինականացնելու համար, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը մեր իրական գոյութիւն ունեցող պատմական փաստերը, որոնք բացառապէս մեր օգտին կը ծառայեն, կը հակադրէ ժամանակակից պայմաններուն»,- նշուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։