Թշնամին Ստեփանակերտէն անհետացուցած է Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը

Ատրպէյճանի վարչախումբը կազմաքանդած է Ստեփանակերտի Բոլ Էլիւար Ֆրանքոֆոնիայի Կեդրոնին մօտ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը, որ կանգնեցուած է անուանի երգիչի 100-ամեակին առիթով՝ 2022 թուականին։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը։

«Լուսանկարներուն մէջ՝ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը եւ այդ նոյն վայրը այս տարուան Յունուարին: Նախապէս կազմաքանդուած են գրող Յակոբ Յակոբեանի, ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի, ռուսական համայնավար առաջնորդ Ալեքսանդր Միասնիկեանի, սովետական զինուորականներ Ատմիրալ Իսակովի, Անատոլի Զինեւիչի, Քրիստաֆոր Իւանեանի եւ այլոց յուշարձանները: Կազմաքանդուած է նաեւ Արցախի Հերոս Աշոտ Ղուլեանի յուշարձանը՝ Ստեփանակերտի նոյնանուն պուրակին մէջ: Համացանցի վրայ հրապարակուող նիւթերէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ վանտալութեան կ՝ենթարկուին արցախեան ազատամարտին զոհուածներուն գերեզմանները»,- նշուած է խորհուրդին տարածած յայտարարութեան մէջ: