«Հայաստան » Համահայկական Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ թէ Արցախի Լուսաձոր համայնքի նորաշէն տուներու յատկացման ծրագիրը կը շարունակուի: Օրերս, չորս սենեականոց բնակարան մը նուիրուած է Գարիկ Պետրոսեան եւ Սվետլանա Բալասանեան բազմազաւակ ընտանիքին, որ փոխադրուած է անհրաժեշտ բոլոր կահաւորումով օժտուած տան մէջ: Այս ծրագրի բարերարն է Թորոնթոյէն Կարպիս Նորեանը: Տան կառուցումը սկսած էր տարւոյս Ապրիլին:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի այս ծրագրի 24-րդ տունն է, որ յանձնուած է օգտագործման: Այս տարուան ընթացքին12 ընտանիքներու բնակարաններ արդէն նուիրուած են, իսկ 11 ընտանիքներ եւս շուտով կ’ունենան իրենց տուները: