Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ` քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան աճը: Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման առումով, Նիկոլ Փաշինեան ու Ճասթին Թրուտօ կարեւորած են ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին համապարփակ կարգաւորումը:
Անոնք անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, այդ շարքին` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան, կը փոխանցէ հայկական կողմը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւս` ըստ հաղորդագրութեան: