Android եւ iOS համակարգերուն մէջ առկայ GetContact յաւելուածը, որ ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ինչ անուններով արձանագրուած են ուրիշներու հաղորդակցման ցանկերուն մէջ, մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է վերջին օրերուն: Panorama.am-ը դիմած է Տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանին` ճշդելու համար, թէ որքանո՞վ անվտանգ է այս յաւելուածը:
Մարտիրոսեան նշած է, որ յաւելուածը հասանելի կը դարձնէ ո՛չ միայն արձանագրուողը, այլեւ անոր ընկերներուն հեռաձայնի թիւերը:
«Խնդիրը այն է, որ փաստացի` դուք, տեղադրելով այդ յաւելուածը, ուրիշներու անձնական տուեալները կը տարածէք: Բացասականը այդ է, իսկ դրականը այն է, որ մարդիկ կ՛իմանան` իրենց ով կը զանգէ, երբ այդ համարը չկայ: Բայց միշտ չէ, որ կարելի է այդ գրածէն որեւէ բան հասկնալ, որովհետեւ մարդիկ պարզ է, չէ՞, որուն թիւը տարբեր տեսակ անուններով կամ ածականներով կ՛արձանագրեն»,- ըսած է ան:
Մարտիրոսեան նշած է, որ կայ նաեւ խնդիր մը, որ այս ծրագիրը թրքական է, եւ բնականաբար միշտ կասկած կ՛առաջանայ, որ ան կրնայ յատուկ ծառայութիւններու հետ կապ ունենալ ու այդ տուեալները փոխանցել թրքական յատուկ ծառայութիւններուն, բան մը, սակայն, զուտ վարկած է, յստակ կասկած չկայ:
Տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտը նշած է, թէ մարդիկ պէտք է հասկնան, որ արձանագրուելով այստեղ` իրենք կը վնասեն ուրիշներուն, այսինքն` հասանելի կը դարձնեն ուրիշներու հեռախօսի թիւերը, որ օրէնքով արգիլուած է: Այսինքն` այդ յաւելուածին մէջ արձանագրուած ըլլալը պարտադիր չէ, որպէսզի ոեւէ մէկուն թիւը հասանելի դառնայ:
«Եթէ ես ունիմ 2000 հեռախօսի թիւ, պարզ է` կէսէն շատը չարձանագրուած մարդիկ են, այսինքն` ուրիշի հասցէագիրքէն տուեալները կը յայտնուին: Ոեւէ մէկը պաշտպանուած չէ: Բաւական է` հետաքրքրասէր ընկեր մը ունենաք, ձեր տուեալները հասանելի կը դառնայ»,- ըսած է ան: Մարտիրոսեան ընդգծած է, թէ Facebook-ի մէջ տեղադրուող նկարներուն մէջ ալ կ՛երեւի, որ մարդիկ առնուազն 7-8 տարբերակով արդէն ներկայացուած են այս ծրագիրին մէջ:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կա՞յ արդեօք այս յաւելուածէն հառախօսի թիւերը ջնջելու տարբերակ, տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտը պատասխանած է, որ թէեւ կայքին վրայ կայ տարբերակ, բայց անձը իր թիւը չի կրնար ջնջել, կրնայ յաւելուածը հանել: Յաւելուածի տէրերը, սակայն, այդ տուեալները իրենց քովէն չեն հեռացներ: Լուծման որեւէ տարբերակ Սամուէլ Մարտիրոսեան դժուարացած է նշել:
«Անյոյս է, ես չեմ կարծեր` այստեղ լուծում կայ, չեն իյնար թրքական այս ծրագրի ետեւէն, սա` մէկ, երկրորդն ալ` միայն այս ծրագիրը չէ, նման ծրագիրներ շատ կան»,- ըսած է ան: