Ժոզէֆ Պորել. «Հայաստանի մէջ կացութիւնը կը պահանջէ մեր վճռական աջակցութիւնն ու ուշադրութիւնը»

Երկուշաբթի՝ 11 Դեկտեմբեր 2023-ին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստի եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու նախարարական հանդիպումի մեկնարկին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ  Պորել լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է`թէ Հայաստանի մէջ կացութիւնը ուշադրութիւն եւ աջակցութիւն կը պահանջէ:

Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած է Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն մէջ ստեղծուած կացութեան եւ նշած. «Ամբողջ շրջանը յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ»:

«Աշխարհի այս հատուածին մէջ շատ բան տեղի ունեցած է: Պիելոռուսիոյ տեղը դատարկ պիտի ըլլայ: Մենք ամէն ինչ կ’ընենք Լուքաշենքոյի վարչակարգը մեկուսացնելու եւ ժողովրդավարական ուժերուն աջակցելու համար: Արեւելեան գործընկերութեան ամբողջ շրջանը յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ: Ան յաւելած է. «Լաւ նորութիւնն այն է, որ Վրաստանը դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն կը շարժի, Հայաստանի մէջ կացութիւնը կը պահանջէ մեր վճռական աջակցութիւնն ու ուշադրութիւնը, թէ ինչպէս կրնանք մեծցնել այդ աջակցութիւնը եւ ինչպէս օրակարգի վրայ պահել Արեւելեան գործընկերութիւնը, որովհետեւ անիկա մեր արեւելեան սահմանն է», ըսած է Պորել:

«Շրջանին մէջ շատ բաներ կը կատարուին: Կարեւոր է շարունակել ուշադրութիւն դարձնել անոնց եւ յատկապէս Հայաստանին, որ շատ բարդ կացութեան մէջ է», յայտնած է ան:

Աւարտին յիշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովին: