Երկուշաբթի՝ 26 Փետրուար 2024-ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Խոճալուի շրջանի հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է. «Հայաստանն ու անոր հովանաւորները կը կարծէին, որ իրենց ոչ ոք կը պատժէ։ Անոնք սխալած են, կը սխալին նաեւ այսօր»։
Ան շարունակելով իր հերթական սպառնալիքները ըսած է. «Հայաստանը, որ կը փորձէ նոր տէր գտնել եւ կը նետուի ինչ-որ մէկու մը գիրկը, պէտք է իմանայ, որ իր միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները ընդունիլն է ու Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն հրաժարիլը»։