Իլհամ Ալիեւ. «Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կ’ընթանան մեր կողմէ պատրաստուած փաստաթուղթի հիման վրայ»

Ատրպէյճանը աշխուժօրէն կ’աշխատի խաղաղութեան հասնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 1 Մայիսին Պաքուի մէջ Միջմշակութային երկխօսութեան խնդիրներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի բացումին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր համաձայն, «բանակցութիւնները կ’ընթանան այն փաստաթուղթի հիման վրայ, որ պատրաստած է Ատրպէյճանը»:

«Մեկնարկած է սահմանազատումը, ոչ միայն սահմանազատումը, այլ նաեւ սահմանագծումը», նշած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ Երեւանն ու Պաքուն այդ համաձայնութեան կրցած են հասնիլ առանց միջնորդներու:

«Ատիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ մենք միջնորդներու կարիք չունինք: Միջնորդները բացառապէս իրենց շահերով կ’առաջնորդուին: Անոնց նպատակը ոչ թէ օգնելն է,  այլ շրջան ներթափանցելը` յանուն իրենց քաղաքական ու տնտեսական շահերուն: Անոնք Հարաւային Կովկասը կրկին հրկիզելու ցանկութիւն ունին: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Վատիկանի «Սերվիցօ Ինֆորմացիոնէ Ռելիճիոզա» լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ շուրջ երկու տարի առաջ ինքնին Ատրպէյճանը խաղաղ բանակցութիւններու եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի նախաձեռնած էր, եւ այդ ժամանակէն ի վեր խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրուած են:

«Այսօր մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի հետ միասին պիտի կարենանք քաղաքական միջոցներով եւ համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ հասնիլ դրուած բոլոր նպատակներուն»: