Իլհամ Ալիեւ. «Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պարագային միայն կարելի է հասնիլ խաղաղութեան»

Վերջերս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` ընդունելով Միջխորհրդարանական միութեան ընդհանուր քարտուղար Մարթին Զունկոնկը ըսած է .«Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ այլ փաստաթուղթերու փոփոխութիւններու պարագային միայն կարելի է հասնիլ խաղաղութեան», այս մասին հաղորդած է ԱՓԱ լրատուամիջոցը:

Ալիեւ նաեւ ըսած է. «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փաստօրէն խաղաղութիւն հաստատուած է»:

Ըստ անոր, «երկու երկիրներու սահմանին քանի մը ամիսէ ի վեր խաղաղ կացութիւն կը տիրէ»:

«Հոլովոյթը իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել եւ վերջ տալ Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններուն», ըսած է Ալիեւ:

Ատրպէյճանի նախագահը միեւնոյն ժամանակ սպառնացած է, որ եթէ ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան իրաւունքները չվերականգնուին, Ատրպէյճանի` Եւրոպական խորհուրդի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մասնակցութեան հարցը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի:

Անդրադառնալով Ֆրանսային` Ալիեւ յայտնած է. «Շրջանին մէջ ապակառուցողական քաղաքականութիւն վարելով` Ֆրանսան կրակի վրայ պենզին կը թափէ»:

Ըստ Ալիեւի, Փարիզը շրջանին մէջ լարուածութեան պատճառ կը հանդիսանայ եւ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններուն մէջ եւ խորհրդարանական մակարդակով հակաատրպէյճանական քաղաքականութիւն կը վարէ:

Ալիեւ Ֆրանսան մեղադրած է վարելու համար այնպիսի քաղաքականութիւն, որ ուղղուած է հարաւ կովկասեան շրջանին մէջ յառաջատար դիրքեր գրաւելուն եւ իր ազդեցութիւն  ամրապնդելու: