Մենք հպարտութեամբ կ՛ըսենք մեր յաճախորդներուն, որ մեր software-ը Հայաստանի մէջ ստեղծուած է: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցին DigiTec արհեստագիտութիւններու ցուցահանդէսի ըսած է Benivo ընկերութեան տեխնիկական հարցերով տնօրէն Տմիթրի Պրոտսքին: Ընկերութիւնը մեծ ընկերութիւններու human resource managers համար ծրագիրներ կը ստեղծէ (որոնց մէջ` անդրազգային ընկերութիւններու), որ կ՛օգնէ նոր աշխատակիցներու տեղափոխման:
«Մենք Լոնտոնի մէջ գրասենեակ ունինք, բայց բոլոր ծրագրաւորողները եւ ձեւաւորողները կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ: Որեւէ բան, որ դուք կը տեսնէք մեր կայքերուն մէջ, Հայաստանի մէջ կը կատարուի: Ի հարկէ, ոչ բոլոր յաճախորդներուն համար ատիկա կրնայ էական ըլլալ, բայց որոնք կը հարցնեն, մենք հպարտութեամբ կ՛ըսենք` այս soft-ը` made in Armenia (ստեղծուած է Հայաստանի մէջ-խմբ.)է, – ըսած է Պրոտսքին:
Հայաստանի ծրագրաւորողները պակաս բարձր մակարդակ չունին, քան Իսրայէլի անոնց գործընկերները: Այստեղ կեանքը աւելի աժան է: Ան կը կարծէ, որ նոյն այս հանգամանքը կրնայ արտասահմանեան ընկերութիւնները գրաւել:
Այսպէս սկսած Իսրայէլի յաջողութիւնը: 20 տարի առաջ աշխատավարձերը այնտեղ բաւական ցած էին, քան Ամերիկայի մէջ, իսկ լաւ մասնագէտները շատ էին: Հիմա անոնք շատ են, բայց կեանքի արժէքը արդէն մօտ է ամերիկեանին:
«Իսրայէլը այժմ թանկ երկիր է: Եթէ ձեր start up-ը 3 ծրագրաւորողներէ է, ապա շատ լաւ է: Սակայն, երբ կ՛ընդլայնուիք, մեծ առաւելութիւն է այլ երկիրներու մէջ աշխատիլը, որոնց մէջ նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներու մէջ: Կը կարծեմ այստեղ Հայաստանի ամենամեծ մրցակիցը Ուքրանիան է: Այնտեղ ալ շատ են ծրագրաւորողները, սակայն կեանքը աւելի աժան է, քան Արեւմուտքի մէջ»,-ըսած է ան:
Սակայն գործարարութիւն Հայաստանը դեռ չէ բացայայտած: Ըստ անոր` շատ կարեւոր է, որ հայերը որքան հնարաւոր է շատ ընկերութիւններ ներգրաւեն իրենց երկիր: