Իտալական եւ հոլանտական ընկերութիւնները պիտի օժանդակեն ՀՀ գիւղատնտեսութեան մէջ նորագոյն արհեստագիտութեան ներդրման

Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեանը, նախօրէին, ընդունած է իտալական հանրայայտ «Լուգինի», «Վալենթէ», «Տերասբէ», «Սալուի», «Ֆրութ Քոնդրոլ», «Ըտուայս Քնսալթինկ», հոլանտական «Հորտիլայֆ» եւ անոնց հայաստանեան գործընկեր «Էգոշին կրուփ» ընկերութեան ներկայացուցիչները` գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ պետական աջակցութեան շարք մը ծրագիրներու մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով:

Ընկերութիւնները կը զբաղին ջերմոցային կառոյցներու, կարկտապաշտպան ցանցերու, նորագոյն սառնարաններու արտադրութեամբ, տնկարանային տնտեսութիւններ հիմնելով եւ այգեգործական խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցելով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ 2018-էն Հայաստանի մէջ պիտի սկսին արդիւնաբերական գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակաուղղուած օգնութեան ծրագիրներ, որոնց ծիրէն ներս ագարակապաններուն պիտի տրամադրուին մատչելի  տոկոսադրոյքով վարկեր, մասնաւորապէս կաթիլային ոռոգման համակարգերու, կարկտապաշտպան ցանցերու ներդրման, այգիներ հիմնելու նպատակով: Կը քննարկուի ջերմատուներու եւ սառնարանային տնտեսութիւններու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու մշակման հնարաւորութիւնը:

«Հայաստանը յայտնի է իր պտուղ-բանջարեղէնով, մենք ունինք բարենպաստ եղանակային պայմաններ ջերմոցային տնտեսութիւններու զարգացման համար, մեծ շուկայ` ի դէմս ԵԱՏՄ երկիրներու, կան շատ հողատարածքներ, ուր կարելի է ներդնել այդ արգեստագիտութիւնները եւ անմիջական գիւղատնտեսութիւն վարել: Մշակուած պետական աջակցութեան ծրագիրները լաւ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն համագործակցութեան համար, ուստի կ՝առաջարկենք այստեղ գործունէութիւն ծաւալել, որ երկուստէք շահաւէտ պիտի ըլլայ»,- մասնաւորապէս նշած է գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեանը:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնած են նախարար Առաքէլեանին ընդունելութեան համար եւ ընդգծած են, որ պատրաստ են փոխանցելու իրենց երկարամեայ փորձը, մասնագիտական բարձրակարգ խորհրդատւութիւն տրամադրել ագարակապաններուն եւ համագործակցել պետական աջակցութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս իրենց հայաստանեան գործընկերոջ միջոցով:

«Լուգինի» ընկերութեան ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ իրենք արդէն Հայաստանի մէջ փորձնական ծրագիր կ՝իրականացնեն, Հրազդանի մէջ հիմնած են եւրոպական արտադրութեան ցուցադրական ջերմատուն:

Նախարարը, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն հրաւէրին արձագանգելու համար` յոյս յայտնելով, որ իտալական եւ հոլանտական ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ, որ Հայաստանի այգեգործութեան եւ ջերմոցաշինութեան ոլորտները քանի մը տարի անց զգալի առաջընթաց ունենան:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ ուսուցման կեդրոններու ստեղծման, տնկարանային տնտեսութիւն հիմնելուն վերաբերեալ եւ երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր եւս: