Իտալիոյ Ծերակոյտը 242 թեր եւ 2 ձեռնպահ ձայներով վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
Այս լուրը հաղորդած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: «Յոյսով ենք, որ շուտով անիկա պիտի վաւերացուի նաեւ Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: