ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՆՇԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին՝ մեկնած երկու երկիրներու աշխարհագրական եւ ռազմավարական դիրքերէն։ Այս մասին SNN գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի՝ խօսելով Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին շուրջ։

«Որպէս Իրանի դրացիներէն մէկը՝ Հայաստան ունի ապահով եւ կայուն սահման, որ կենսական դեր կը խաղայ տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման մէջ։ Բացի անկէ, երկու երկիրներում տնտեսական, ուժանիւթի եւ կրթական համագործակցութիւնը կը նպաստէ երկկողմ կապերու ամրապնդման ու տնտեսական զարգացման», յայտնած է դեսպան Սոպհանի՝ ընդգծելով, որ ենթակառոյցներու եւ ուժանիւթի համակարգուած նախագիծերը, ինչպէս՝ ճանապարհներու կառուցումը եւ կազի ու ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակումներու ընդլայնումը, կ’օգնեն բարելաւելու տարածաշրջանային ենթակառոյցները եւ բաւարարելու փոխադարձ կարիքները:
Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ մշակութային եւ կրթական գործակցութիւնը կը յանգեցնէ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումին։
«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները միշտ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցած են», ընդգծած է ՀՀ-ի ԻԻՀ դեսպանը։