ԼՂՀ ՊԲ. «Ատրպէյճանական կողմը անցեալ գիշեր կրակած է նաեւ ականանետերէ»

Հոկտեմբեր 29-ին եւ լոյս 30-ի գիշերը ղարաբաղ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ. ականանետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1000 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ  ՊԲ  մամուլի ծառայութիւնը, Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: