ԼՂՀ ՊԲ «19-ամեայ զինծառայող մը զոհուած է»

Փետրուար 18-ին` ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Դաւիթ Վահէի Տէրտէրեանը:

ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: