Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին Փետրուար 24-ին եւ լոյս 25-ին նկատուած է լարուածութեան աճ:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1700 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասէրը համարժէք պատասխան տուած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած սահմանագծի ողջ երկարութեամբ մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: