ԼՂ-ի մշակոյթի եւ պատմութեան յուշարձաններու հարցը քննարկուած է UNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան կոմիտէի նիստին

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, Սեպտեմբեր 10-25, կ՝իրականացուի UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 45-րդ ընդլայնուած նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ, 1972թ. Մշակութային եւ բնութեան համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի համակարգող Յարութիւն Վանեանը:

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յարութիւն Վանեան իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութեան անունով լսարանի ուշադրութիւնը հրաւիրած այն փաստին վրայ, որ Ատրպէյճանը, մշտապէս քաղաքականացնելով UNESCO-ի մշակութային հարթակը, անհիմն ու կեղծ մեղադրանքներ կը հնչեցնէ Հայաստանի հասցէին, եւ այդ վարքագիծը կը հակասէ կազմակերպութեան արժէքներուն եւ սկզբունքներուն:

ՀՀ ներկայացուցիչը նաեւ առարկութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող Ազոխի եւ Վերին Թաղերի քարայրները Ատրպէյճանի նախնական ցանկին մէջ ներառելու ատրպէյճանական առաջարկին վերաբերեալ։

Հայաստանի պատուիրակը իր խօսքին մէջ նշած է, որ նախնական ցանկով արձանագրուող քարայրները կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանին մէջ, որ 2020թ. Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով անցած է վերջինիս վերահսկողութեան տակ: Այդ ժամանակէն ի վեր՝ Ատրպէյճանը ձեռնամուխ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ պետական հովանաւորութեամբ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան` մշակութային վայրերու ոչնչացման, պղծման եւ հայկական ինքնութեան իւրացման բազմաթիւ փաստագրուած դէպքերով: Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ՝ վերջերս առնուած արբանեակային լուսանկարները, ի թիւս այլոց, կը ծառայեն իբրեւ Ատրպէյճանի կողմէ ոչ միայն հայկական մշակութային ժառանգութեան, այլեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման անտեսման վառ օրինակ, որ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումով՝ կը պարտադրէ Ատրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութեան եւ պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ արտեֆակտերու դէմ»:

Մէջբերուած է նաեւ 2022 թուականի Մարտ 10-ի Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որմով կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան տարածման համար:

Յարութիւն Վանեան նշած է, որ մինչեւ այժմ Ատրպէյճանը կը հրաժարի Լեռնային Ղարաբաղ եւ հարակից տարածքներ մուտքի իրաւունք տրամադրելէ UNESCO-ի փաստահաւաք առաքելութեան՝ կատարելու կարեւորագոյն մշակութային արժէքներու գոյքագրում, որ առաջարկուած էր UNESCO-ի Գլխաւոր տնօրէնին կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբերին՝ իբրեւ տարածաշրջանի ժառանգութեան արդիւնաւէտ պաշտպանութեան նախապայման։ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի անմարդկային շրջափակման հետ մէկտեղ, Ատրպէյճանի այս գործողութիւնները կը վկայեն բնիկ հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ անոր մշակութային ժառանգութեան ցանկացած հետք ջնջելու ցեղասպան մտադրութեան մասին։

Շեշտուած է նաեւ UNESCO-ի առաքելութեան տեղակայման հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծուած Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու այդ հարցով UNESCO-ի հետ։