ԼՈՌԻԻ ԵՒ ՏԱՒՈՒՇԻ ՋՐՀԵՂԵՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱԾ Է ՉՈՐՍԻ

Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի ջրհեղեղներուն հետեւանքով կայ 4 զոհ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնել Սանոսեան։

«Քիչ առաջ նաեւ յայտնաբերուած է անհետ կորած անձերէն մէկուն դին։ Կրնանք ըսել, որ ունինք չորս զոհ այս աղէտին հետեւանքով», ըսած է Սանոսեան։

26 Մայիսին յորդառատ անձրեւներու եւ Դեբեդ, Աղստեւ, Տաշիր գետերու վարարումին հետեւանքով Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ ջրհեղեղներ յառաջացած են։ Ջրհեղեղներուն հետեւանքով ջուրով լեցուած են տուներ, շէնք-շինութիւններ, քանդուած են ճանապարհներ։