Հայաստան այցելող Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ՝ Լուիս Մորենօ Օկամպօ 13 Սեպտեմբերին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ միջազգային իրաւունքը Արցախի հայ բնակչութեան կողքին է, որովհետեւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը միանշանակ գոյութիւն ունի, սակայն, անոր իրականացման համար անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր մը մշակել:
«Միջազգային իրաւունքը կարեւոր է. Ատրպէյճան պարտաւոր է հասկնալ եւ յարգել զայն, որովհետեւ հետեւանքներ պիտի ըլլան նաեւ ինքնին Ատրպէյճանի համար», դիտել տուաւ Օկամպօ` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունքներ ունի:
Ան տեղեկացուց, որ ինք վերջերս հանդիպումներ ունեցած է Արցախի նախկին պաշտօնատարերուն հետ` առաջարկելով իր օգնութիւնը հայ բնակչութեան` իրենց հայրենիքը վերադառնալու հարցով:
«Մենք հիմա պարզապէս կրնանք քննարկել, թէ ինչպէ՛ս կը ծրագրենք հայերու վերադարձը, եւ թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է այդ իրաւունքները իրականացուին: Սակայն, անոնց համար աշխատանքային ծրագիր մը պէտք է․ ծրագիր մը, որ մշակուած պիտի ըլլայ ինքնին արցախցիներուն կողմէ», ըսաւ Օկամպօ` ընդգծելով, որ այդ իրաւունքը կայ, սակայն անոր գործարկման համար համեմատաբար բարենպաստ պայմաններ պէտք են:
Ան շեշտեց, որ Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29 գագաթնաժողովին ընթացքին Ատրպէյճանի բանտերը գտնուող հայերը ազատ արձակելու հարցը պէտք է ըլլայ օրակարգի վրայ եւ քննարկուող հարցերուն մաս կազմէ:
Ան շատ կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ այդ գագաթնաժողովին մասնակցողներուն կողմէ չարհամարհուի Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն հարցը` նոյն ատեն յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ հայ գերիները ազատ կ’արձակուին գագաթնաժողովէն առաջ:
Ըստ Օկամպոյի` Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը գերիներ են, եւ ոչ թէ ռազմագերիներ:
«Այն անձերը, որոնք ներկայիս կը գտնուին Պաքուի բանտերուն մէջ, պարզապէս Արցախի առաջնորդներն էին: Ասիկա տխրեցնող բան է, սակայն կը նմանի 1915-ին տեղի ունեցածին, որովհետեւ այդ ժամանակ թուրքերուն գլխաւոր առաքելութիւնը հայերու առաջնորդներուն վերացումն էր: Ասիկա նոյնն է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ընդգծեց Օկամպօ` վերահաստատելով իր այն միտքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները ազատ արձակելու հարցը պէտք է ըլլայ COP29-ի օրակարգին վրայ եւ քննարկումներուն մաս կազմէ:
Օկամպոյի հիմնական ուղերձը հետեւեալն է․ «Ազատ արձակեցէ՛ք հայ պատանդները, դադրեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը»:
Օկամպօ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու գործընթացին շուրջ համաշխարհային հայ համայնքի ջանքերուն միաւորումը չափազանց կարեւոր նկատեց`դիտել տալով, որ հայ գերիները ազատ արձակելուն վերաբերեալ ամիսներ առաջ համացանցի վրայ իր նախաձեռնած արշաւը բաւական յաջող ծրագիր է:
«Ես մասնակցած եմ տարբեր գործընթացներու, որոնք կը վերաբերին աշխարհի մէջ այլ ցեղասպանութիւններու, եւ առաջին անգամն է, որ կը տեսնեմ համաշխարհային մակարդակով համագործակցութիւն, ինչ որ հոյակապ ձեռքբերում է: Այսինքն` հայերը այսքան աշխոյժ կերպով համագործակցելու աննախադէպ փորձ մը կը ձեւաւորեն: Ասիկա Հայաստանը պաշտպանելու նպատակով է եւ չափազանց կարեւոր է», ըսաւ Օկամպօ` աւելցնելով, որ պատանդները ազատ արձակելու ուղղութեամբ պէտք է ջանքեր գործադրեն բոլոր հայերը:
Ըստ անոր` այս հարցին մէջ հայերը առանձին չեն, որովհետեւ շարք մը համալսարաններ եւ ակադեմական համայնքներ միացած են այդ նախաձեռնութեան:
«Հայկական Սփիւռքը կրնայ, առնուազն, միանալ այս գործընթացին», ընդգծեց Օկամպօ:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը գիտակցի, որ յարձակելով Հայաստանի դէմ` կրնայ արժանանալ Միջազգային Քրէական դատարանի մեղադրանքին:
«Միանալով Միջազգային քրէական դատարանին` Հայաստան ձեռք բերած է պաշտպանութեան նոր համակարգ մը, եւ մենք կը փափաքէինք հասկնալ, թէ զայն ինչպէ՛ս պիտի օգտագործեն` պաշտպանելու համար Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքները», ըսած է Օկամպօ: