Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան շարք մը ներկայացուցիչներ տեսակապով հանդիպում ունեցած են իրաւունքի դոկտոր, Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Լուիս Մորէնօ Օկամպոյի հետ։ «ԱՊԱՌԱԺ»-ի տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է, թէ ինչ իրաւաքաղաքական գործիքներ կան պայքարելու արցախցիներու իրաւունքներուն համար։
Փրոֆէսըր Օկամպոն մասնաւորապէս կարեւոր համարած է ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրի դերը առանց պետութեան ժողովուրդներու իրաւական պաշտպանութեան հարցին որպէս իրաւական կարեւոր գործիք։
Oկամպոն նաեւ նշած էր, որ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդականը յայտարած էր, որ կայ ցեղասպանութեան վտանգ Արցախի մէջ, իսկ ատիկա արդէն իսկ կ’ենթադրէ միջազգային հանրութեան կողմէ գործողութեան պարտաւորութիւն։
Այս ծիրէն ներս նաեւ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ, որ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ծիրին մէջ բարձրաձայնենք գերիներուն հարցը ու ցոյց տանք, որ Ատրպէյճանը անմեղ մարդոց գերի կը պահէ իր բանտերուն մէջ։
Հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ այն մասին, որ աշխարհը ճանչցած է 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, սակայն ատիկա որեւէ հետեւանք չէ ունեցած։ Օկամպոն կ’ըսէ, որ աշխարհը շատ տարբեր է հիմա․ այն ժամանակ չկար ՄԱԿ-ի քրէական դատարանը, չկար սոցիալական լրատուադաշտը, սփիւռքը եւ այլն։ Եւ շատ բան կախուած է նաեւ անկէ, թէ հայերը որքան ցանկութիւն կ’ունենան պայքարելու։
Ան նաեւ նշած է, որ որքան ալ Ատրպէյճանը պնդէ հակառակը, արցախցիները հողի սեփականատէրերն են, ու ամէն ինչ կախուած պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքան պատրաստ պիտի ըլլանք պայքարելու։ Ան խորհուրդ կու տայ արցախցիներուն աւելի աշխոյժ ըլլալու իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով։