Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորէնօ Օկամպօ, որ զեկուցում մը գրած էր` բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները որակելով «ցեղասպանութիւն», աշխարհասփիւռ հայութեան յղած է բաց նամակ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ, առած է առնչակից երեք հարցեր:
«Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու ընթացքին կը շարունակէ մնալ վտանգի տակ: Յստակութիւն չկայ այն առնչութեամբ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը` 2023 թուականի ցեղասպանութեան զոհերը ինչպէ՞ս կրնան ապահով վերադառնալ իրենց նախնիներու հողը: 23 հայ պատանդներ ցարդ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ:
«Ատրպէյճան նոյեմբեր 2024-ին Պաքուի մէջ «ՔՈՓ յանուն խաղաղութեան» անուան տակ պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ-29-ը` ՄԱԿ-ի Կենսոլորտի փոփոխութեան հարցերով վեհաժողովը: Եթէ հայերը ազատ չարձակուին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ՔՈՓ-29-ին մասնակցող պատուիրակներու կողմէ անտեսուի, նախագահ Ալիեւին պիտի տրուի հզօր հարթակ` աւելի մեծցնելու ամբողջ Հայաստանը բռնագրաւելու իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները: Նման բեմագրութիւն ոչ միայն պիտի ժխտէ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղասպանութիւնը եւ պատանդները դատապարտէ երկարամեայ բանտարկութեան, այլ նաեւ ամբողջ համայնքը անցեալի մոռցուած մասունք պիտի դարձնէ, եւ ատիկա պիտի մեծցնէ վտանգը ինքնին Հայաստանի համար», գրած է Օկամպօ:
Ան դիտել տուած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ բարդ բանակցութիւններ կը վարեն:
«Հայութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, եւ ինծի նման մարդիկ, որոնք մտահոգուած են ցեղասպանութիւններով եւ պատերազմներով, պէտք է յարգեն այդ ջանքերը` բարձրացնելով հարցին մասին իրազեկուածութիւնը եւ համախմբելով ամբողջ հայութիւնը` պաշտպանելու ժողովուրդն ու հողը:
«Եւ ատիկա տեղի կ’ունենայ, երբ ամբողջ աշխարհէն հայերը արշաւ կ՛ընեն: 23 Օգոստոսին ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին` ապահովելու Ատրպէյճանէն բոլոր հայ կալանաւորներու ազատ արձակումը: Ան կը գիտակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն, սակայն մտահոգուած է, որ Պլինքընի խօսքերը «անուշադրութեան մատնուած են եւ պիտի շարունակուին անտեսուիլ»:
«Անցեալ ամսուան ընթացքին աւելի քան 30 երկիրներէ հազարաւոր մարդիկ, որոնցմէ շատերը հայ նախնիներ ունին, հաւաքուած են թուային ֆորումներու մէջ եւ ընկերային ցանցերու մէջ: Անոնց միաւորած են նոյն հեշթեկները` #COP29, #StopPoliticalPrisoners, #FreeArmenianHostages, #FreePoliticalPrisoners: Այժմ ժամանակն է ընդլայնելու շարժումը եւ կապելու զայն ամբողջ աշխարհի մասին որոշում տուողներու հետ: Ալիեւի զոհերը միայն հայերը չեն: Ան կ’ազդէ շրջակայ միջավայրի, ատրպէյճանցի քաղաքացիներու եւ նոյնիսկ եւրոպացի պատգամաւորներու վրայ: Ատրպէյճան, որ հարստացած է հանածոյ վառելանիւթով, յառաջատար դիրք կը գրաւէ կենսոլորտի փոփոխութիւնը շեղող համաշխարհային ջանքերուն մէջ: Վարչախումբը ոչ ոքի կը խղճայ, ան կը ճնշէ լրագրողները, ակադեմականները, այլեւ իր սահմաններուն մէջ որեւէ այլախոհ», շարունակած է Օկամպօ:
Իրաւապաշտպանին համոզումով` յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ՔՈՓ-29-ի պատուիրակներէն պահանջել բարձրաձայնել այս հարցերը:
Ան աւելցուցած է, որ ուրախ է 9 Սեպտեմբերին Հայաստան այցելելու հրաւէր ստանալուն համար:
«Ասիկա բացառիկ կարելիութիւն պիտի ըլլայ հանդիպելու Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ եւ մշակելու ընդհանուր ռազմավարութիւն:
Հայե՛ր, եկէք պաշտպանե՛նք Հայաստանը եւ առաջնորդե՛նք աշխարհը դէպի իսկապէս խաղաղ ՔՈՓ-29», եզրափակած է Օկամպօ: