Լ. Ղարաբաղի մէջ անվճար կը բաժնուի թթենիի 20 հազար տունկ

Լ. Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած է պետական պատուէրի ծիրէն ներս ներմուծուած թթենիի տունկերու բաշխման գործընթացը: Ամենամեծ խմբաքանակները արդէն առաքուած են հասցէատէրերուն: Ամէնէն շուտ ընթացքին բոլոր 20 հազար տունկերն ալ պիտի հասնին յայտ ներկայացնողներուն:

Տաք ու միաժամանակ խոնաւ եղանակը իտէալական պայմաններ կ՛ապահովէ ծառատունկի համար: Նախնական հաշուարկներով` այս նախաձեռնութեան իբրեւ արդիւնք, հանրապետութեան մէջ թութի այգիները պիտի ընդլայնուին եւս 200 հեքթարով:

Ներմուծուած 20 հազար տունկերէն 10 հազարը ուղեւորուած են Մարտունիի շրջան: Ամենաշատ եղած են յայտերը այդ շրջանէն:

Ծրագրի ծիրէն ներս ներմուծուած թթենիները մէկ տեսակ են` սպիտակ-քաղցր: Ներմուծողները կը վստահեցնեն, որ անոնք, առանց դժուարութեան, կը յարմարին Արցախի կլիմայական պայմաններուն:

Տունկերը կը բաշխուին անվճար, համաձայն շրջաններէն ստացուած յայտերուն: Միակ պայմանը` տունկերը սահմանուած կարգով մշակելն է: Թերացողները ստիպուած պիտի ըլլան վճարելու: