Խավիեր Քոլոմինա. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի հիմքը կազմող սկզբունքները այս փուլին պէտք չէ փոխուին»

ՆԱԹՕ-ն կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին եւ կը պնդէ, որ այդ ուղղութեամբ կողմերուն միջեւ մինչեւ այս պահը համաձայնեցուած սկզբունքները այս փուլին պէտք չէ փոխուին:

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինա:

Ան նշած է, որ իրենց համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հիմնարար սկզբունքի նկատմամբ յարգանքը, որ դրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի հիմքին մէջ:

Պատասխանելով վերջերս Հայաստանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը` Քոլոմինա յայտնած է. «Մենք շատ գոհ ենք Հայաստանի հետ այսօր ունեցած երկկողմանի յարաբերութիւններէն: Մեզ շատ կ’ոգեւորեն նաեւ այն որոշումները, որոնք Հայաստանը տուած է արտաքին եւ պաշտպանական քաղաքականութեան մէջ, այն տեղաշարժը, որ անոնք որոշած են իրականացնել: Ես գիտեմ, որ ատիկա դժուար իրագործելի որոշում է, եւ, հաւանաբար, ատոր իրագործումը երկար ժամանակ պիտի պահանջէ, սակայն մենք, ի հարկէ, մեր գործընկերները կը խրախուսենք մեզի մերձենալ, եւ ատիկա այն է, ինչ որ Հայաստանը կ’ընէ»:

«Մեր քաղաքականութիւնը շատ պարզ է. մենք կ’աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Մենք մեր գործընկերներու միջեւ կողմ չենք բռներ, այնքան ատեն որ տեղի չէ ունեցած խախտում ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներու եւ հիմնական տարրերու, որոնց մենք շատ կապուած ենք: Այսպիսով, ուղերձը շատ պարզ է. մենք պիտի ուզէինք, որ խաղաղ բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ արագ վերսկսին: Գիտենք, որ կան բանակցային տարբեր ձեւաչափեր` երկկողմ ձեւաչափը, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ձեւաչափերը:

«Մեզի համար ամենէն կարեւորը վերջնական արդիւնքն է, թէ արդեօք կա՞յ կայուն խաղաղութիւն, որովհետեւ ատիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Կովկասի կայունութեան համար», ըսած է Քոլոմինա:

«Ես ձեր իշխանութիւններէն շատ մտահոգութիւն լսեցի, յատկապէս նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ: Մեզի համար, ինչպէս ըսի, յարաբերութիւններու կարգաւորումը, որ դէպի տեւական խաղաղութիւն կը տանի, այսօր հիմնարար տարր է, եւ մենք պիտի պայքարինք ատոր համար, պիտի աջակցինք այն ճամբուն, որ պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ նմանատիպ բան ստորագրելու: Մենք կ’աջակցինք Միացեալ Նահանգներուն, մենք կ’աջակցինք Եւրոպական Միութեան: Ես Հայաստան էի Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ: Այնպէս որ, ես կարելիութիւն ունեցայ անոր հետ երկար զրուցելու, մենք նաեւ կ’աջակցինք բանակցութիւններու երկկողմ ձեւաչափին: Ի վերջոյ, երկու ազգերը պէտք է որոշեն, թէ իրենք ինչպէ՛ս յառաջ պիտի շարժին, այնպէս որ մենք պիտի աջակցինք այն ամէնին, ինչ որ ի վերջոյ պիտի բերէ խաղաղութեան:

«Մենք կը կարծենք, որ հոլովոյթի իբրեւ հիմք դրուած սկզբունքները` գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումը, հիմնարար են: Ատիկա այն սկզբունքներէն է, որ մեզի համար շատ կարեւոր է: Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, որ այդ սկզբունքներուն հետ մէկտեղ սահմաններու սահմանազատումը, փոխկապուածութիւնը, այն սկզբունքները, որոնք դրուած են իբրեւ հոլովոյթի հիմք, պէտք է ըլլան հոլովոյթի մաս, եթէ, ի հարկէ, երկու կողմերը չ’որոշեն փոխել այդ սկզբունքները եւ ունենալ այլ սկզբունքներ: Սակայն համաձայնեցուած սկզբունքները այս փուլին պէտք չէ փոխուին:

«Այնպէս որ, ինչպէս ըսի, շատ մտահոգութիւններ լսեցի: Չեմ կարծեր, որ ատրպէյճանական կողմի յայտարարութիւնները կ’օգնեն, որ հոլովոյթը յառաջ ընթանայ: Մենք պիտի շարունակենք նոյն ուղերձը յղել գործընկերներուն, անոնք պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսին բանակցութիւնները:

«Իրականութեան մէջ, ես պիտի ուզէի աւելցնել, որ իմ այցելութիւնս պէտք էր ըլլար շրջանային: Մենք արդէն աշխատած էինք երկու մայրաքաղաքներուն հետ, որպէսզի անիկա շրջանային դառնայ, սակայն Յունուարի սկիզբը Ատրպէյճան որոշեց յետաձգել այցելութիւնը նախագահական ընտրութեան պատճառով, ուստի ես չկրցայ փոխանցել այն պատգամները, որոնք կը պատրաստուէի փոխանցել: Այդ ուղերձներէն մէկը շատ յստակ էր` մենք կ’ակնկալենք, որ դուք որքան կարելի է շուտ պիտի վերսկսիք խաղաղութեան բանակցութիւնները», յայտնած է Խավիեր Քոլոմինան:

Պատասխանելով Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ նոր յարձակումի պարագային Թուրքիոյ ուղիղ միջամտութեան կարելիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի արձագանգի մասին հարցումի մը` Քոլոմինա ըսած է. «Այն, ինչ որ կրնամ ձեզի ըսել, այն է, որ մենք շատ կապուած ենք այդ երկու սկզբունքներուն` գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք միշտ յստակ եղած ենք` մեզի համար ատոնք շատ կարեւոր են: Երեք տարի առաջ կացութիւնը այլ էր: Ինչպէս ըսիք, հակասութիւն եղաւ այն առումով, թէ դուք ինչպէ՛ս կը նայիք այդ միջերկրին: Եւ թէեւ եղած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան ճանաչում, սակայն, ինչպէս ըսի, հակասութիւն կար: Կը կարծեմ, որ մենք հիմա այլ կացութեան առջեւ ենք, եւ կրնամ ենթադրել, որ արձագանգը այլ պիտի ըլլայ»: