Եւրոպայի խորհուրդին մօտ Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Եւրոպական Կոմիտէն հրապարակած է Ատրպէյճանի վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւն։
«Այս յայտարարութիւնը, որ եղած է Կոմիտէի ստեղծման մասին Համաձայնագրի 10-րդ յօդուածին համաձայն, կը վերաբերի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ԽԿԵԿ-ի հետ համագործակցութեան մշտական բացակայութեան:
Հրապարակային յայտարարութիւն ընելու այս բացառիկ որոշման պատճառը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն ուղղակի հրաժարումն է ԽԿԵԿ-ի հետ համագործակցութենէն։ Կոմիտէն անկեղծ փորձեր ըրած է կառուցողական երկխօսութեան մէջ մտնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ՝ լուծելու այն խնդիրները, որոնք հիմքը կը կազմեն ԽԿԵԿ-ի գոյութեան: Իր զեկոյցներուն մէջ ան մանրամասնած է, որ շարունակած է ոստիկանութեան աշխատակիցներուն կողմէ վատ վերաբերմունքի եւ նոյնիսկ խոշտանգումներու մեղադրանքներ ստանալ:
Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի ՆԳՆ-ն որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած՝ կեանքի կոչելու Կոմիտէին վաղեմի յանձնարարականները՝ դադրեցնելու նման գործելաոճը: Բացի այդ, կոմիտէն չէ ստացած նամակներու պատասխաններ, որոնցմով խնդրած են դիւրացնել երկխօսութիւնը պաքուի մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու միջոցով կամ նոյնիսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այցի մասին ծանուցելէ ետք: Ասիկա Համաձայնագրի հիմնարար եւ աննախադէպ խախտում է։
Հաշուի առնելով իրաւապահներուն կողմէ կալանաւորներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքի եւ նոյնիսկ խոշտանգումներու հետ կապուած խնդիրներուն լրջութիւնը՝ ԽԿԵԿ-ն նաեւ որոշած է հրապարակել 2022 թուականին Ատրպէյճան կատարած յատուկ այցին զեկոյցը՝ որպէս հրապարակային յայտարարութեան յաւելուած։
Ինչպէս կը նշուի յայտարարութեան մէջ, կոմիտէն յոյս ունի, որ համագործակցութեան բացակայութիւնը չի յանգեցներ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու մշտական խզման։ ԽԿԵԿ-ն պատրաստ է աջակցելու իշխանութիւններուն՝ վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու հիմնարար արժէքները, որոնց հաւատարիմ է Ատրպէյճանը՝ որպէս Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիր։ Իր իրաւագիրին ծիրէն ներս Կոմիտէն լիովին հաւատարիմ է այդ նպատակով ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւնը շարունակելուն»,- նշած է Կոմիտէն: