Կապան-Երեւան ու հակառակ ուղղութեամբ չուերթներու համար օդանաւ մը գնուած է: Այդ մասին յայտարարած է Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան` աւելցնելով, որ 2017 թուականի առաջին կիսամեակի վերջերը սկսած են Կապանի օդակայանի վերանորոգման աշխատանքները, որոնց արժէքը 2 միլիոն տոլար է:
«Պայմանագիր կնքած ենք չեխական օդանաւային ընկերութեան հետ, գնած ենք L-410 մակնիշի օդանաւ»,- ըսած է Յակոբեան Սիւնիքի մարզպետարանին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ»,- կը յայտնէ Aysor.am-ը:
«19 տեղանոց օդանաւ է, որ չուերթներ պիտի կատարէ Կապանէն-Երեւան ու հակառակ ուղղութեամբ», – ըսած է մարզպետը` աւելցնելով, որ օդանաւին արժէքը 5,5 միլիոն եւրօ է:
«1,5 միլիոնն իր վրայ վերցուցած է Պղնձամոլիբդենային գործարանը, միւս գումարը վարձակալութեամբ պիտի ըլլայ», – ըսած է. Յակոբեանը:
Սիւնիքի մարզպետը վստահեցուցած է, որ Կապանի օդակայանի կառուցումը իրենց համար գործարար եւ առեւտրական ծրագիր չէ: «Պէտք է հեշտացնենք սիւնեցիի ու բոլորի գալ-երթալը մարզ, մենք պիտի աշխուժացնենք կեանքը մարզին մէջ: Մեծ յոյսեր ունինք», – ըսած է Վահէ Յակոբեան:
Մարզպետը ընդգծած է, որ դեռ տոմսերու գիները վերջնական որոշուած չեն, սակայն ըսած է, որ նախնական 30-40 հազար դրամի սահմաններու մէջ պիտի ըլլայ:
«Տոմսերը աւելի աժան պիտի ըլլան ուսանողութեան, առողջական խնդիներ ունեցող մարդոց համար, որ անոնց կարենանք շտապ Երեւան հասցնել», – ըսած է. Յակոբեան:
Ան աւելցուցած է նաեւ, որ գնուած օդանաւը արդէն Մարտին Հայստան պիտի ըլլայ: