ԱՒԵՏԻՍ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ
Անգամ մը եւս նոր տարուան շեմին ենք: Դարձեալ կ’ուզենք, որ մեր սրտերն ու հոգիները լի ըլլան ուրախութեան, անդորրութեան եւ արժանապատուութեան վեհ զգացումներով, սակայն վերջերս մեր ապրած իրավիճակը երբեք նման բան թոյլ չի տար մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէկուզ փորձենք իսկ դոյզն վայելել այդ քաղցրահամ զգացումները:
Բոլորս մօտէն հետեւեցանք եւ կը հետեւինք սոյն տարուան Սեպտեմբերի 27-էն ի վեր մեր գլխուն եկած չարաբաստիկ արհաւիրքին եւ անոր հետեւանքներուն: Երկար բարակ քաղաքական մեկնաբանութիւններ չեմ ուզեր ընել, ոչ ալ այպանել կամ արդարացնել պատահարներուն ետին կանգնած պատասխանատուները: Ինչպէս կ’անդրադառնանք՝ մինչեւ օրս պատահածներուն մասին կարծիքները այլազան են: Վստահաբար ես ալ ունիմ իմ սեփական տեսակէտը ու մեկնաբանութիւնները, որոնց հիմա այս գրութեամբ չեմ ուզեր անդրադառնալ, սակայն երբ կը մտածեմ պատահածին մասին եւ ելքի ճամբայ մը կը փորձեմ գտնել, հոն ի յայտ կու գայ, որ մենք ազգովին փոփոխութեան կարիքը ունինք: Մեր ազգին դիմագիծը վտանգուած կը զգամ եւ երբ կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչե՛րն են այն բոլոր պատճառները, որոնք մեզ հասցուցին այս օրուան, եւ դեռ աւելին՝ տխրահռչակ համաձայնութենէն մօտ 40 օր ետք՝ մենք կորսնցուցած ենք մեր ուղին եւ մեր կտրուած կռնակը շտկելու կարողութիւնը. եթէ առողջ վիճակի մէջ ըլլայինք, այսօր իսկ պիտի լսուէին մուրճերու զարկերու ձայներ, եւ կառուցողական աշխատանքի նախագիծերը դրուած պիտի ըլլային: Դժբախտաբար այսօր պատկերը նոյնքան տխուր է եւ մութ, ինչքան այն դաժան պարտութիւնը, զոր կրած ենք ազգովին: Մենք կորսնցուցած ենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ աւելի վտանգաւորը՝ մեր տեսլականներն ու ապագայի նկատմամբ մեր յոյսն ու վճռակամութիւնը: Ընդհանուր վիճակը խառնիխուռն է, ոչ ոք մտիկ կ’ընէ ուրիշին, ոչ ոք կը փորձէ հասկնալ դիմացինին արտայայտած կարծիքները: Միայն զիրար այպանելու եւ յանցաւոր գտնելու մրցակցութեան մէջ են բոլորը: Այս ամէնը ինչո՞ւ կը պատահին եւ ովքերո՞ւ կը ծառայեն: Խնդրե՛մ՝ դո՛ւք ըսէք: Վստահաբար կան մարդիկ, որոնք ինչպէս միշտ, օգտուելով պղտոր ջուրէն, կ’ուզեն իրենց անձնական շահերը առաջ մղել: Նոյնպէս կան մարդիկ, որոնց այս անհանդարտ եւ եռացող վիճակը առիթ կու տայ, որ ձեւով մը փախուստ տան հարցաքննութենէ եւ պատասխանատուութենէ:
Ակնյայտ է, որ երկիրը մնացած է առանց ղեկավարի եւ առանց ծրագրաւորուած ու մտածուած գործընթացի, քանի որ միայն զգացումով եւ անձնական շահերու մոլուցքով է, որ կ’ընթանայ անղեկ ժողովուրդը: Դժբախտաբար մինչեւ օրս, հակառակ զանազան փորձերու, չյայտնուեցաւ անձ մը կամ խմբաւորում մը, որ հաւասարակշռուած եւ համոզիչ ծրագիրներով կարողութիւնը ունենար համախմբելու պառակտուած ազգի մասնիկներն ու յառաջ երթալ դէպի վերակառուցողական աշխատանքներու ուղիով:
Պատահածը իրականութիւն է ներկայիս: Ողբալն ու ձեռնածալ մնալը, նոյնիսկ անիմաստ պոռթկումներն ու զիրար այպանելը, ոչինչ պիտի տայ մեր ազգին: Եթէ մենք այս փորձանքէն գոնէ բան մը սորվելու եւ դաս քաղելու խոհեմութիւնը չունենանք, ապա դեռ շա՜տ նոյնանման «Աստուած մի արասցէ» փորձանքներու դէմ յանդիման պիտի գտնուինք:
Երբ կ’ըսեմ ազգովին փոփոխութեան կարիքը ունինք, կ’ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել մեր ազգի որոշ բնաւորութեան գիծերուն, զորս կործանիչ հետեւանքներ կը թողեն մեր ազգին վրայ: Այսօր կը նկատենք, որ զիրար չենք հանդուրժեր, իրարու ձեռք չենք երկարեր, զիրար կը դատապարտենք եւ միայն յանցաւորներ կը փնտռենք, որպէսզի մենք զմեզ արդարացնենք, եւ ահա արդիւնքը… ոչ մէկ յառաջխաղացում, այլ միայն ու միայն՝ նահանջ:
Ամէն օր մեր ձեռքերը մեր սրտերուն դրած կը հետեւինք հայրենիքէն եկած լուրերուն եւ աղօթելով առ Աստուած կը յուսանք, որ լուսաբացը մօտալուտ ըլլայ: Հոս փակագիծ մը կ’ուզեմ բանալ, ըսելով որ վերեւ նշուած գաղափարները այդպէս չթարգմանուին՝ թէ յանցագործները պէտք է մնան անպատիժ: Անշուշտ՝ ո՛չ եւ հազա՛ր անգամ ոչ: Իւրաքանչիւր յանցաւոր պէտք է նախ պատասխան տայ, ապա պէտք է իր յանցանքին համապատասխան դատավճիռը կրէ:
Այս օրերուն մենք ազգովին, ամէն ժամանակներէ աւելի, պէտք ունինք կարեկցութեան, աղապատանքի եւ խանդաղատանքի: Երկիրը մեծ ցաւ կ’ապրի: Աշխարհի չորս ծագերուն իւրաքանչիւր հայու սիրտը արիւնաքամ է եւ կը սպասէ այն յոյսի ճրագին, որ դարձեալ մեզ պիտի համախմբէ, եւ դարձնէ միահամուռ եւ անքակտելի միասնութիւն, որպէսզի իրարու կարեկցելով կարենանք ամոքել մեր վէրքերը եւ նոյնիսկ խանդաղատանքով ու հանդարտութիւնը պահելով՝ պահանջենք, որ յանցաւորները կրեն իրենց գործած մեղքերուն արդար դատավճիռը, այնքան ատեն որ երկրի մը կործանման մեղքը աններելի է եւ խիստ դատապարտելի:
Նոր տարուան սեմին ըլլալով, եկէք պահ մը մենք ալ երեխաներու հոգեբանութեամբ դիմաւորենք նոր տարին՝ ուրախութեամբ, նոր երազներով, նոր ծրագիրներով, եւ նոր յոյսերով թող խայտան մեր մտքերն ու հոգիները:
Ուրախութիւն եւ յոյս՝ բառեր որոնք ունին զանազան բացատրութիւններ եւ դրդապատճառներ: Բայց այս օրերուն ինչպէ՞ս ուրախանալ, ինչո՞ւ եւ ինչո՞վ ուրախանալ, երբ մեր երկիրը սուգի եւ մեծ ցաւի մէջ է: Սակայն մարդկային արդար իրաւունք կը սեպեմ մարդ արարածին նոր տարուան բերելիք նոր օրերու լուսաբացերուն հետ ցանկալ իրականացնել եւ ձեռք բերել նոր յաջողութիւններ… բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար պատկերը տարբեր է այս տարի: Այս օրերուն համայն աշխարհի հայութեան հոգեկան դաժան իրավիճակը մեզմէ իւրաքանչիւրը կը մղէ փնտռելու եւ վերականգնելու մեր ազգի անդորրութիւնն ու միասնութիւնը: Այո՛, կ’ուզենք ուրախանալ եւ կը փորձենք բերկրութիւն գտնել ամէնուրեք, եւ վստահաբար ուրախ պիտի ըլլանք, երբ դարձեալ վերագտնենք մեր կորսնցուցած միասնութիւնը, խաղաղութիւնն ու ապագայի նկատմամբ ապահովութիւնը:
Մաղթենք, որ նոր տարին վերջ տայ այն բոլոր տագնապներուն եւ մեր ժողովուրդի ծով դժուարութիւններուն ու վիշտերուն, որոնք կը չարչրկեն իւրաքանչիւր հայու միտքն ու հոգին: Թող խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը, սէրն ու համերաշխութիւնը համակեն մեր ողջ ժողովուրդի կեանքը ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի: Ինչպէս նաեւ աղօթենք, որ Տէր Աստուած կարեկցանքով պարուրէ որդեկորոյս ծնողներու սրտերը, շուտափոյթ ապաքինում տայ վիրաւորներուն, վերազարթնեցնէ բոլորին խիղճերը եւ մեր ժողովուրդը զրահէ հայու յոյսով ու վճռակամութեամբ եւ վերանորոգէ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը, որպէսզի դարձեալ կարողութիւնը ունենանք վերականգնելու եւ վերապրելու հայու ունեցած վճիտ տեսլականով եւ հայեացքով:
Հուսկ, կը մնայ մեր յարգանքի տուրքը մատուցել մեր նահատակ հերոսներուն եւ ըսել՝ Ձեր հոգին անմահ է, եւ յիշատակը՝ անմոռանալի: Փա՛ռք ու պատիւ մեր հերոսներուն: